2014-08-01 11:21:32

Լիոնի թեմի առաջնորդը` կարտինալ Պարպարէն մտադիր է իր թեմը ''քոյր'' ընել Մուսուլի թեմին։


Կարտինալ ֆիլիփ Պարպարէն` առաջնորդը ֆրանսայի Լիոն թեմին, ներկայիս կը գլխաւորէ ֆրանսական եկեղեցւոյ մէկ պատուիրակութիւնը որ մեկնած է Իրաք` զօրակցութիւն եւ քաջալերանք յայտնելու Իրաքի քրիստոնեաներուն, որոնք հարստահարուած են ծայրայեղ մահմետականներէն։
Կարտինալը այցելելով Իրաքի Քիւրտեստանը առաջարկեց որ Լիոնի թեմը քոյր դառնայ Մուսուլի թեմին։ Ասորական կայսրութեան վաղեմի այս մայրաքաղաքը, որ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած է ''Նինիվէի'' անուան տակ, անցեալ 18 Յուլիսին, բռնագրաուեցաւ մահմետական ծայրայեղներէն որոնք ապա վտարեցին դարերէ ի վեր հոն ապրող քրիստոնեայ բոլոր բնակիչները։
Անցեալ երկուշաբթի, 28 Յուլիսին, Ս. Յովսէփ Աստուածահօր աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած պատարագին ընթացքին, Քիւրտեստանի Էրպիլ քաղաքին մէջ, ներկայութեամբ Քաղտէացիներու Պատրիարք` գերերջանիկ Լուիս Ռափայէլ Ա. Սաքօյի, Կարտինալ Պարպարէն յայտնեց կամքը Լիոնի թեմը քոյր դարձնելու Մուսուլի թեմին։Լուրը ծափողջոյներով եւ ուրախութեան կանչիւններով ողջունուեցաւ, պատարագին մասնակցող աւելի քան հազար հաւատացեալներէն։
ֆրանսական "Famille chrétienne" պարբերաթերթին հետ ունեցած ելոյթով կարտինալ Պարպարէն ըսաւ. իմ գնահատումովս քրիստոնեաներու մեկնումով, Իրաքի կացութիւնը պիտի չբարւոքի։ Իսկ պատասխանելով ֆրանսական կառավարութեան պատրաստակամութեան իր հողին վրայ ընդունելու իրաքցի քրիստոնեաները, կարտինալը գնահատելով հանդերձ ֆրանսական կառավարութեան վեհանձնութիւնը, իր վերապահութիւնը յայտնեց, հարց տալով թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ գաղթողներու իրավիճակը ֆրանսայի մէջ։ Ո՞վ զանոնք պիտի ընդունի։ Ան ապա հաստատած է թէ “Իրաքը առանց քրիստոնեաներուն աւելի բուռն պիտի դառնայ որովհետեւ Քրիստոնեայ հասարակութիւնը միշտ խաղարարի դեր ունեցած է”։








All the contents on this site are copyrighted ©.